2013-03-23 11:24:33

Մարոնի Պատրիարքը` ''Լիբանանը Կարելիութիւնը Չ՛ունի Սուրիացի Բոլոր Գաղթականները Հիւրընկալելու։''


''Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' բարեսիրկան մարմինին հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Մարոնիներու Րայի Պատրիարքը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես
սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակին ։
Ան յայտարարած է թէ ''Լիբանանը կարելիութիւնը չ՛ունի դիմագրաւելու սուրիացի գաղթականներուն ողբերգական հարցը։ Մեր սիրտը եւ մեր դռրները բաց են, սակայն անկարելի է հիւրընկալել այսքան բազմաշատ գաղթականներ, լիբանանու նիւթական եւ տնտեսական սահմանափակ կարելիութիւններու պատճառաւ։''
Րայի Պատրիարքը ապա մատնանշեց թէ Լիբանանի բնակչութեան թիւը 4 միլիոն է, եւ թէ սուրիացի բազմահազար գաղթականներու մուտքը դէպի Լիբանան ժխտական հետեւանք կրնայ ունենալ։ Մենք սիրայօժար կ՛ ընդունինք գաղթականները, բայց միաժամանակ պարտաւոր ենք պահպանելու մեր մշակոյթը։

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն , գաղթականներու թիւը մօտաւորապէս 150,000 է, բայց շատ հաւանական է որ այդ թիւը հասնի 500,000 ի, որովհետեւ անոնցմէ շատերը չեն արձանագրուած Մակի գրասենեակներուն մօտ, մղուած այն վախէն թէ ՝ իրենց տուեալներն ու պատկերները տարածուին։

Րայի Պատրիարքի գնահատումով անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ գտնել ապահով հողամասեր եւ այնտեղ կառուցել գաղթականներուն համար բնակարաններ։

Կարտինալ Րայի կը հրաւիրէ միջազքային հասարակութիւնը ընդմիջելու Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդիմութեան միջեւ առաջարկելով նստիլ կլոր սեղանի շուրջ գտնելու համար խաղաղ լուծումներ։

Ի վերջոյ Մարոնի Պատրիարքը, շատ մտահոգուած է այս կացութենէն, եւ ան հակառակ է որ Արեւմտեան երկիրները քաջալերեն գաղթականները հեռանալու Միջին Արեւելքէն նա մանաւանդ Սուրիայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.